2014-05-06 12:22:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 6 Մայիսի քարոզը` ''Եկեղեցին Կրօնի Համալսարան մը չէ, այլ Յիսուսի հետեւող ժողովուրդ մը''։


''Քրիստոնեայ մը որ վկայութիւն չի տար կը դառնայ անպտուղ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 6 մայիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ։ Ան խօսեցաւ Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի մարտիրոսութեան մասին ու հաստատեց թէ Եկեղեցին ''Կրօնի Համալսարան'' մը չէ այլ Յիսուսի հետեւող ժոովուրդ մը։
Սուրբ Ստեփանոս զոհ եղաւ, նախանձի ու ատելութեան։ Իր դէմ ունեցաւ ''սուտ վկաներ''։ Զինք ամբաստանողները հանգստութիւն չունէին իրենց սրտերուն մէջ այլ ատելութեամբ ու նախանձով լի էին։ ''Այն ատելութիւնն ու նախանձը որ կը փխի սատանայէն'' ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով թէ ''սատանան չ՛ուզեր Եկեղեցւոյ ու անոր անդամներու սրբութիւնը տեսնել''։
Մարտիրոսութիւն կը նշանակէ վկայութիւն, ըսաւ հուսկ սրբազան Պապը - Քրիստոնեան կը հետեւի Յիսուսի հետքերուն, Անոր մասին վկայելով ու շատ անգամ այս վկայութիւնը կ՛առաջնորդէ մինչեւ կեանքի զոհաբերում։ Կարելի չէ քրիստոնեայ մը հասկնալ առանց անոր վկայութեան։ Մենք գաղափարներու, աստուածաբանութեան կամ պատուիրաններու կրօնք մը չենք. Մենք ժողովուրդ մըն ենք որ Յիսուս Քրիստոսին կը հետեւի եւ վկայութիւնը կու տայ Անոր մասին, մինչեւ մահ։ ''Մարտիրոսներու արիւնը Քրիստոնեաներու սերմն է'' ըսած է Եկեղեցւոյ Հայրերէն մին - յարեց Սրբազան Հայրը ու խօսքը կեդրոնացուց առօրեայի մէջ վկայութեան կարեւորութեան վրայ, որ դառնալու է պտղաբեր ու հաստատեց թէ ''Այն քրիստոնեան որ վկայութիւն չի տար անպտուղ կը դառնայ''։
Քարոզին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց հաւատացեալները հարցադրել ''Ի՞նչպիսի է իմ վկայութիւնս։ Ես Յիսուսը կը վկայե՞մ կամ ալ պարզապէս թիւ մը կր ներկայացնեմ։ Պտղաբե՞ր եմ եւ կամ անկարող եմ Սուրբ Հոգիին շնորհքը ընդունելու յառաջ տանելու համար իմ քրիստոնէական կոչումս։








All the contents on this site are copyrighted ©.